2017-01-01 12:55:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 2017-ի` Յունուար մէկի քարոզը` "Մենք որբ չենք, Մայր մը ունինք"։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 1 յունուար 2017-ի առաւօտեան Ամենասուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ տօնին առթիւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի Մայր Տաճարին մէջ գլխաւորեց 2017 տարուայ անդրանիկ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը որուն առթիւ արտասանած քարոզը կեդրոնացուց Ղուկաս Աւետարանիչէն քաղուած Մարիամ Աստուածածնայ վերաբերմունքին վրայ­­։

Մարիամ, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, այդ կինն է որ գիտէ պահպանել ու պաշտպանել եւ իր սրտին մէջ պահել Աստուծոյ անցքը իր ժողովուրդին կեանքին մէջ։ Իր արգանդին մէջ սորվեցաւ մտիկ ընել իր զաւկի սրտի տրոփումներուն ու անոնց միջոցաւ սորվեցաւ նշմարել Աստուծոյ ներկայութիւնը պատմութեան մէջ։ Սորվեցաւ ըլլալ Մայր։ Մարիամին մէջ Բանը ոչ միայն մարդացաւ այլ ճանչցաւ Աստուածային մայրական քնքշութիւնը։

Աւետարաններու մէջ Մարիամ կը ներկայացուի որպէս քիչ խօսող կին մը, որ միշտ ուշադիր էր իր զաւկին առաքելութեան։ Ան եղաւ մօտիկ շատ մը իրողութիւններու ու փորձեց ամէն տեղ յոյս սերմանել. Ընկերացաւ իր զաւակներու սրտերուն մէջ թաքնուած խաչերուն։ Ան մեզի տուաւ մայրական ջերմութիւնը, մայրական քնքշութիւնը, որով ան մեզի ցոյց կու տայ թէ խո արհութիւնն ու քնքշութիւնը տկարներու առաքինութիւն չեն այլ զօրեղներու։

Տօնախմբել Մարիամի ծնունդը որպէս Մայր Աստուծոյ ու մեր Մայրը այս տարուայ սկիզբին, կը նշանակէ յիշել իրականութիւն մը ` թէ մենք ժողովուրդ մըն ենք որ Մայր մը ունինք­, եւ թէ որբ չենք։

       

Մայրերը ամենազօրեղ հակա թիւնն են մեր եսասիրութեան ու անհատականութեան հակումներուն, մեր փակումներուն։

Առանց մայրի ընկերութիւն մը, սիրտը կորսնցուցած ընկերութիւնն մըն է` ընկերութիւն մը առանց գթութեան. Որովհետեւ մայրերը նոյնիսկ ամենադժուար պահերու ընթացքին գիտեն յոյս եւ ոյժ ներշնչել ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով բանտարկեալներու մայրերուն ու կամ գաղթօճախներու մէջ ապաստան գտած մայրերուն որոնք գիտեն իրենց վրայ առնել իրենց զաւակներուն ցաւերը։ Մայրեր որոնք կեանք կու տան որպէսզի ոչ մէկ զաւակ կորուստի մատնուի։ Այնտեղ ուր մայր մը կայ, կայ նաեւ միութիւն, կայ պատկանելիութիւն` զաւակներու պատկանելիութիւն - ըսաւ ապա Քահանայապետը ու նշեց թէ  Աստուածածնայ տօնը տօնախմբելը մեզի կը յիշեցնէ թէ մենք  զաւակներ ենք, ընտանիք ենք, Աստուծոյ ժողովուրդն ենք։

Յիսուս Քրիստոս իր կեանքի ամենամեծ պարգեւի պահուն` խաչին վրայ, չուզեց ոչ մէկ բան ինքնիրեն պահել­, ու իր կեանքը տալով յանձնեց նաեւ իր Մայրը։ Անոր ըսաւ ահա քու զաւակդ, ահա քու զաւակներդ։ Ու մենք կ՛ուզենք զայն ընկալել մեր տուներուն մէջ, մեր հասարակութիւններէն ներս, մեր երկիրներուն մէջ, հանդիպելու համար անոր մայրական հայեացքին­, այդ հայեացքը որ մեզ կ՛ազատագրէ որբութեան պայմանէն, որ մեզի կը յիշեցնէ թէ ամէնքս եղբայրներ ենք ու մեզի կը սորվեցնէ թէ պէտք է խնամք տանիլ կեանքին` այնպէս ինչպէս ինք ըրաւ` սերմանելով յոյս, պատկանելիութիւն եւ եղբայրութիւն։

Տօնախմբել Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ տօնը կը նշանակէ թէ որբ չենք ու թէ Մայր մը ունինք վերահաստատեց Նորին Սրբութիւնը քարոզի աւարտին հրաւիրելով հռչակել այս իրականութիւնը ու երեք անգամ կրկնել. Սուրբ Մայր Աստուծոյ, Սուրբ Մայր Աստուծոյ, Սուրբ Մայր Աստուծոյ։








All the contents on this site are copyrighted ©.